Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Քազեմիրօ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ չորս մրցումով պիտի կախակայուի` նկատի ունենալով, որ ան ստացաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի տարեշրջանին իր երկրորդ կարմիր քարտը, Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (0-0):
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի բացակայի Ֆուլհեմի դէմ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումէն, ինչպէս նաեւ` Նիւքասըլի, Պրենթֆորտի եւ Էվըրթընի դէմ ախոյեանութեան գծով կատարուելիք մրցումներէն:


