Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող միջնապահ Մարքօ Ասենսիօ, մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին, շատ հաւանական է, որ միանայ Պարսելոնայի:
Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ իր աւարտին կը հասնի 2023-ի ամրան:
Թէեւ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Արսենալ եւս հետաքրքրուած է 24 տարեկան ֆութպոլիստով, սակայն ան կը նախընտրէ քաթալոնական խումբը:
Ան այս տարեշրջանին Ռէալի հետ ցարդ իր կատարած 31 մրցումին ընթացքին նշանակած է 6 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ:


