Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն` Կարէն Խաչանով ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Ինտիըն Ուէյլզ»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 82-րդ դասուած գերմանացի Օսքար Օթթէի դէմ:
15-րդ դասուած Խաչանովի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ սպանացի Ալեխանտրօ Տաւիտովիչ-Ֆոքինա (28-րդ):
Նշենք, որ 26 տարեկան Խաչանովի կատարած այս մրցումին ներկայ գտնուող հայեր թրիպիւնին վրայ դարձեալ պարզեցին Արցախի դրօշակը:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց 6-րդ դասուած Տանիիլ Մետվետեւ (Ռուսիա), ամերիկացի Պրենտըն Նաքաշիմայի դէմ (48-րդ)` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով: