Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հայրենի ըմբիշները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած Ռոման Տմիթրիեւի յուշամրցաշարքին, արձանագրեցին գոհացուցիչ արդիւնքներ:
Նշուեցաւ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները, Ռուսիոյ մէջ տիրացան երկու մետալի:
65 քկ դասակարգին մէջ, Անդրանիկ Աւետիսեան հանդիսացաւ փոխախոյեան, մինչ 86 քկ դասակարգի մրցումներուն Մուշեղ Մկրտչեան տիրացաւ պրոնզ մետալի: