Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, 34 տարեկան միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կոլը` Ուտինեզէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Քալչիօ»), ընդգրկուեցաւ Ինթեր Միլանի 2022-2023 տարեշրջանի կոլերու լաւագոյն տասնեակին մէջ:
Լաւագոյն կոլը ճանչցուեցաւ 26 տարեկան իտալացի Նիքոլօ Փարելլոյի կոլը, նշանակուած` Քրեմոնեզէի դէմ:
Նշենք, որ աւարտած տարեշրջանին, Ինթեր հանդիսացաւ Իտալիոյ բաժակակիր եւ գերբաժակակիր, մինչ իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գրաւեց երրորդ դիրքը, իսկ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին պարտուեցաւ Մանչեսթըր Սիթիէն:
Հայրենի ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` Ինթերի Միլանի հետ, ներկայիս նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:


