Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի թենիսի ոչ պաշտօնական խմբային ախոյեանութեան «Պիլի Ճին Քափ»-ի միջազգային բաժակի մրցաշարքին, Եւրոպայի գօտիի Գ. խմբակի աւարտական մրցումին, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Մակեդոնիայէն, չյաջողեցաւ ապահովել Բ. խմբակի իր տոմսը:
Նշենք, որ նախքան այս մրցումը, հայրենի կազմը Լիւքսամպուրկի դէմ արձանագրած էր իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, նախքան այդ յաղթանակը յաջողութիւն արձանագրելով նաեւ Մոնթենեկրոյի, Սան Մարինոյի եւ Կիպրոսի դէմ:


