Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ-Երեւանի մաս կազմող Դաւիթ Դաւիթեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ մինչեւ 2025, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան յայտնեց, որ ամէն գնով կ՛ուզէ իր ակումբին հետ 2023-2024 տարեշրջանին լաւ արդիւնքի հասնիլ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Դաւիթեան, որ յուլիս 2022-ին ռուսական Խիմքիէն միացաւ Փիւնիկին, 2022-2023 տարեշրջանին իր կազմին հետ 31 մրցումի ընթացքին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:


