Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 11-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Կարէն Խաչանով իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Անգլիոյ մէջ տեղի ունենալիք Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 3-16 յուլիսին:
27 տարեկան հայազգի թենիսմէնը, «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին վիրաւորուեցաւ եւ այդ իսկ պատճառով բացակայեցաւ նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած գերմանական Հալ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքէն:
Վիրաւոր Խաչանովի փոխարէն, Ուիմպըլտընի մրցաշարքին պիտի մասնակցի արժանթինցի Խուան Մանուէլ Սերունտոլօ, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ նախորդ անգամ Խաչանով Ուիմպըլտընի մրցաշարքին մասնակցեցաւ 2021-ին` հասնելով մինչեւ քառորդ աւարտական:


