Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ ռուսական Քրասնոտար ֆութպոլի ակումբի տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը` խումբի համակիրներուն կողմէ:
Ան ստացաւ ձայներուն 48,78 տոկոսը, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւած քոլոմպիացի յառաջապահ Ճոն Քորտոպա ստացաւ քուէներուն 19 տոկոսը:
Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց ռուս բերդապահ Մաթուէյ Սաֆոնով:
Նշենք, որ Սպերցեան Ռուսիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան 41 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:


