Անիթա Մակեան Հայաստանին Ապահովեց
Երկրորդ Մետալը
Վրաստանի Վրոցլաւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող եւրոպական երրորդ խաղերու խմբային մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Էլմիրա Կարապետեան եւ Բենիկ Խլղաթեան 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի 30+30 զոյգի մրցումներուն գրաւեցին երկրորդ դիրքը` տիրանալով արծաթ մետալի:
Անոնք նաեւ եւրոպական խաղերուն մրցանիշ մը արձանագրեցին` ապահովելով 581 կէտ:
Նշենք, որ անոնք երկուքը նոյն մարզաձեւի անհատական մրցումներուն չէին յաջողած յաղթահարել զտումի մրցումներուն արգելքը:
Հայաստանի համար երկրորդ մետալը ապահովեց Անիթա Մակեան, որ քարաթէի 68 քկ դասակարգի կիսաւարտականի մրցումներուն չկարենալով յաղթանակ արձանագրել, տիրացաւ պրոնզ մետալին` 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով զուիցերիացի Ելենա Նորինա Քուիրիչիէն:


