Իտալական Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբը բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան, Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Մաուրօ Իքարտիով, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստին փոխանցման համար Եուվէ պատրաստ է վճարելու 9 միլիոն եւրօ:
Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Սէուտական Արաբիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ Թուրքիայէն ակումբներ:
Նշենք, որ 2022-2023 տարեշրջանին Իքարտի փոխ տրուած էր թրքական Կալաթասարային:


