Սպանացի անուանի թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ տիտղոսակիր, Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած թենիսի «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-500» միջազգային մրցաշարքին:
Աւարտական մրցումին, Ալքարաս 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Ալեքս տէ Մինորին (18-րդ)` 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:
20 տարեկան Ալքարաս, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տիտղոսի մը տիրացաւ խոտածածկ դաշտերու վրայ, այսպիսով վերագրաւեց աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը, որ վերջերս զիջած էր սերպ Նովաք Ճոքովիչին:
Նշենք, որ Լոնտոնի միջազգային մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէր 2,1 միլիոն եւրօ:


