Հակառակ անոր որ իտալացի փորձառու յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի կը ծրագրէր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել իր ակումբին` Եուվենթուսի հետ, սակայն անակնկալի եկաւ իր ակումբին տուած որոշումէն, ըստ որուն` ակումբը մտադիր չէ անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգել:
Ան իր կազմին հետ պիտի չմեկնի Միացեալ Նահանգներ շրջապտոյտի, եւ խումբին խմբապետի պաշտօնը պիտի վստահուի պրազիլցի Տանիլոյի:
Այժմ, 36 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձը անոր համար սկսած է նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Սամտորիա:
Նշենք, որ Պոնուչի 12 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Եուվենթուսին:


