«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ասթանա (Ղազախստան), որ հիւրընկալեց վրացական Տինամօ Թիֆլիսը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Թէեւ հիւրընկալ կազմը ինք նշանակեց հանդիպումին առաջին կոլը (11-րդ), սակայն 57-րդ վայրկեանին իր բերդին մէջ ստացաւ կոլ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Վարազդատ Հարոյեան Ասթանայի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, մինչ հաւաքականին մէկ այլ մարզիկը եւ անոր խմբակից, յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան, դաշտ ներկայացաւ 16-րդ վայրկեանին:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 19 յուլիսին` Թիֆլիսի մէջ: