Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայ մարմնամարզիկները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի ամառնային ուսանողական խաղերուն եւ Եւրոպայի երիտասարդական ողիմպիական փառատօնին:
Չինաստանի Զհենկզհու քաղաքին մէջ 28 յուլիսէն 8 օգոստոս տեղի ունենալիք ուսանողական խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Ինչ կը վերաբերի Սլովենիոյ Մարիպոր քաղաքին մէջ 23-29 յուլիսին տեղի ունենալիք Եւրոպայի երիտասարդական ողիմպիական փառատօնին, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Համլեթ Մանուկեան, Մամիկոն Խաչատրեան, Ռոպերթ Գիւլումեան եւ Մարիեթա Բուչախչեան: