Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 38 տարեկան նախկին յետսապահ Էշլի Եանկ իր ակումբը` Ասթոն Վիլան լքելով միացաւ անգլիական այլ կազմի մը` Էվըրթընի:
Վերջին երկու տարեշրջաններուն, Ասթոն Վիլային մաս կազմած Եանկ, լիվըրփուլեան ակումբին հետ ստորագրեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
Անգլիոյ հետ 39 մրցումի մասնակցած Եանկ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան գծով ընդհանուր առմամբ մասնակցած է 422 մրցումի:


