Հայաստանի աղջկանց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը կը պատրաստուի 18-23 յուլիսին Անտորրայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի Գ. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Հաւաքականը Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ ուսումնամարզական իր հաւաքը կը շարունակէ Օլիմփիաւանի մէջ:
Իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Յարութիւնեան ըսաւ. «Այս տարի մեր կազմին մէջ ունինք 14 տարեկան վեց խաղացող, որոնք թէեւ համահաւասար չեն այս մրցաշարքի մակարդակին, սակայն մեր նպատակն է բարելաւել անոնց մակարդակը: Բնականաբար, ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը ունին զօրաւոր կազմեր, սակայն հակառակ ատոր, մեր ամէն կարելին պիտի ընենք` հասնելու համար աւարտական»:
Նշենք, որ նախորդ տարի, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը հանդիսացաւ Եւրոպայի Գ. դասակարգի փոխախոյեան:


