Սպանիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Պարսելոնա, պայմանագրութիւն մը կնքեց պրազիլական Աթլեթիքօ Փարանայենսէի յառաջապահ Վիքթոր Ռոքէի հետ, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ սակայն, որ 18 տարեկան պրազիլցին 2023-2024 տարեշրջանին փոխ պիտի տրուի իր մաս կազմած ակումբին:
Անոր պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2031, մինչ անոր հրաժարագինը կազմեց 500 միլիոն եւրօ:
Ապրիլ 2022-ին անոր ստորագրութիւնը ունենալու համար Աթլեթիքօ Փարանայենսէ պրազիլական Քրուզէյրոյին վճարած էր 4,7 միլիոն եւրօ: