Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ուրարտու Զտումի Մրցումներուն  Սկսաւ Պարտութեամբ

«Չեմփիընզ Լիկ». Ուրարտու Զտումի Մրցումներուն Սկսաւ Պարտութեամբ

Հայաստանի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Ուրարտու-Երեւան, որ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանի իր կատարած առաջին մրցումին «Ուրարտու» մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Զրինժսքի Մոսթարը (Պոսնիա), անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին 89-րդ վայրկեանին 28 տարեկան խրուաթ յետսապահ` Մաթեժ Սենիչ նշանակեց հանդիպումին միակ կոլը: Երկու կազմերուն միջեւ զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 յուլիսին` Պոսնիոյ Մոսթար քաղաքի Զրինսքի մարզադաշտին...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը  Հանդիսացաւ Առաջին

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Հանդիսացաւ Առաջին

Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 15 եւ 17 տարեկանէն վար պատանեկան երկսեռ ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը` երկամարտի մրցումներուն տիրանալով 5 ոսկի, մէկ արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Աշոտ Մարգարեան, 102 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 312...

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ  Խորէն Յովհաննիսեանի Անուան Մարզադպրոցին

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Խորէն Յովհաննիսեանի Անուան Մարզադպրոցին

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Խորէն Յովհաննիսեանի անուան մարզադպրոցին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Անոր ներկայ գտնուեցան հրաւիրեալներ, նախարարներ, որոնց կարգին` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, ինչպէս նաեւ անուանի շարք մը հայ...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Հայաստանի Երեք Ներկայացուցիչները  Այսօր Երթի Մրցումները  Կը Կատարեն Իրենց Դաշտին Վրայ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Հայաստանի Երեք Ներկայացուցիչները Այսօր Երթի Մրցումները Կը Կատարեն Իրենց Դաշտին Վրայ

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանի զտումի երթի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները այսօր մրցում ունին կատարելիք իրենց դաշտերուն վրայ: Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ-Երեւան, Կոտայքի մարզադաշտին մէջ, ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի հիւրընկալէ էսթոնական Նարվա Թրանսը: Մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ կիպրացի Քիրիաքոս Աթանասիու: Պրոնզէ մետալակիր Արարատ-Արմենիա ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին մէջ նոյն ժամուն...

Թենիս. «Ուիմպըլտըն».  Թիւ 1 Դասուած Սվիաթեք Պարտուեցաւ…  76-րդ Դասուած Ուքրանացի Սվիթոլինայէն

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Թիւ 1 Դասուած Սվիաթեք Պարտուեցաւ… 76-րդ Դասուած Ուքրանացի Սվիթոլինայէն

Աղջկանց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իկա Սվիաթեք (Լեհաստան) աւարտեց իր ելոյթները «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով, երբ չյաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը: Սվիաթեք, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ աշխարհի դասաւորման 76-րդ դիրքին վրայ գտնուող ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայէն, անկէ կրեց 5-7, 7-6 եւ 2-6 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը: Կիսաւարտականին Սվիթոլինա կը մրցի...

Ինթեր Միլան-«Նայքի» Համագործակցութեան  Երկարաձգում` 8 Տարիով

Ինթեր Միլան-«Նայքի» Համագործակցութեան Երկարաձգում` 8 Տարիով

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան եւ «Նայքի» ընկերութիւնը, իրենց համագործակցութիւնը երկարաձգեցին 8 տարիով, մինչեւ 2031, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ միլանեան ակումբը ամերիկեան ընկերութենէն տարեկան պիտի ստանայ 26 միլիոն եւրօ: Նախորդ տարեշրջանին Ինթեր «Նայքի»-էն ստացած էր 12,5 միլիոն եւրօ: Անոնք երկուքը իրարու հետ կը համագործակցին 1998-էն ի վեր: Նշենք, որ Իտալիոյ մէջ ամերիկեան ընկերութիւնը...

Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Ֆութպոլիստը  Ստորագրեց Նոր Պայմանագրութիւն Մը

Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Ֆութպոլիստը Ստորագրեց Նոր Պայմանագրութիւն Մը

Ճափոնցի յառաջապահ Քազույոշի Միուրա, որ կը հանդիսանայ աշխարհի ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը, մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Փորթուգալի ֆութպոլի Բ. դասակարգին իր մասնակցութիւնը բերող Օլիվէյրենսէի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 56 տարեկան ֆութպոլիստը, այսպիսով պիտի մասնակցի իր արհեստավարժ ասպարէզին` 39-րդ տարեշրջանին: Նշենք, որ Միուրա, որուն ստորագրութիւնը կը պատկանի ճափոնական Եոքոհամային, նախորդ փետրուարին փոխ տրուած էր վերոնշեալ ակումբին: Աւարտած ախոյեանութեան,...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Աշոտ Մարգարեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Աշոտ Մարգարեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Մարգարեան (102 քկ), Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան (15 եւ 17 տարեկանէն վար) տիրացաւ պրոնզ մետալին: 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մասնակցող հայրենի ծանրաբարձը երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 312 քկ արդիւնք մը (141+171): Ախոյեան հռչակուեցաւ վրացի Սապա Ատամիա (320 քկ, 143+177): Նշենք, որ այս մետալը Հայաստանի հաւաքականին համար 10-րդն էր այս ախոյեանութեան գծով:...

Թեքուանտօ.  Հայաստանի Մարզիկները Երկու Մետալի  Տիրացան Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Թեքուանտօ. Հայաստանի Մարզիկները Երկու Մետալի Տիրացան Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Հայաստանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի պատանեկան հաւաքականին անդամները յաջող ելոյթներ ունեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Մելանի Աւագեան տիրացաւ ոսկի մետալին, մինչ Ստեոպա Երեմեան` պրոնզ մետալին:  

Հայրենի Կռփամարտիկները  Վրաստանի Մէջ Տիրացան 9 Մետալի

Հայրենի Կռփամարտիկները Վրաստանի Մէջ Տիրացան 9 Մետալի

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը, որ Վրաստանի Կորի քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան` Կէորկի Քանտելաքիի անուան միջազգային մրցաշարքին, տիրացաւ 9 մետալի: Յովհաննէս Յարութիւնեան (48 քկ), Արմէն Պօղոսեան (75 քկ) եւ Դաւիթ Սիմոնեան (86 քկ) տիրացան ոսկի մետալի: Յարութիւնեան եւ Պօղոսեան աւարտականին իրենց կատարած մրցումներուն յաջորդաբար յաղթեցին ազրպէյճանցի եւ թուրք իրենց...

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Այսօր Կը Մեկնի Թիֆլիս

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Այսօր Կը Մեկնի Թիֆլիս

Երէկ` երեքշաբթի, 11 յուլիսին աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականի մարզական հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայրենի կազմը այսօր` չորեքշաբթի, 12 յուլիսին կը մեկնի Թիֆլիս (Վրաստան), ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ 13-16 յուլիսին Վրաստանի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն: Նշենք, որ աղջկանց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Արտակ Ադամեան:

Թենիս. «Ուիմպըլտըն».  Ալքարաս Եւ Ճոքովիչ Ապահովեցին Քառորդ  Աւարտականի Իրենց Տոմսերը, Մինչ Ցիցիփաս  Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Ալքարաս Եւ Ճոքովիչ Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը, Մինչ Ցիցիփաս Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, թիւ 1 դասուած սպանացի Քարլոս Ալքարաս, որ մրցեցաւ իտալացի Մաթէօ Պերրեթինիի դէմ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` անոր դէմ արձանագրելով 3-6, 6-3, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր կարգին, երկրորդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 7-6, 7-6, 5-7...

Պոնուչի Կը Փափաքի Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Աւարտել  Եուվենթուսի Հետ

Պոնուչի Կը Փափաքի Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Աւարտել Եուվենթուսի Հետ

Իտալացի փորձառու յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի կը փափաքի մնալ իր ակումբին` Եուվենթուսի հետ եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել անոր հետ: Նշուեցաւ, որ 36 տարեկան ֆութպոլիստը վերջերս մերժեց բաւական լաւ առաջարկ մը, եկած` Սէուտական Արաբիայէն: Անոր պայմանագրութիւնը Եուվենթուսի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ տարեշրջանին: Ան կը մտադրէ իր մասնակցութիւնը բերել «Եւրօ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան, որմէ ետք աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ըստ իտալական մարզական...

Փելի Ռուտոք Մփանզուի  Պատմական Ցուցանիշը

Փելի Ռուտոք Մփանզուի Պատմական Ցուցանիշը

Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ի նորեկ Լիւթըն Թաուն, նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբի խմբապետ, քոնկոցի միջնապահ Փելի Ռուտոք Մփանզուի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 29 տարեկան Մփանզու, որ 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լիւթընի, այսպիսով պատմական ցուցանիշի մը հեղինակը դարձաւ` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացաւ պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ նոյն կազմին հետ ելոյթ կ՛ունենայ` Անգլիոյ հինգ տարբեր դասակարգերու մէջ:...

Սերճի Ռոպերթօ`  Պարսելոնայի Նոր Խմբապետը

Սերճի Ռոպերթօ` Պարսելոնայի Նոր Խմբապետը

Այս շաբաթասկիզբին քաթալոնական Պարսելոնայի ֆութպոլիստները վերադարձան իրենց արձակուրդէն եւ սկսան իրենց փորձերուն: Սպանիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեանը ներկայացուց ակումբին նոր խմբապետը, որ պիտի ըլլայ 31 տարեկան Սերճի Ռոպերթոն: Նախքան անոր խմբապետ նշանակուիլը, այդ պաշտօնին համար կը նշուէին նաեւ գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթիկընի եւ ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի անունները: Այսպիսով, Ռոպերթօ, որ 2010-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պարսելոնային, պիտի ստանձնէ...

Նասըր Պայմանագրութիւն Մը  Առաջարկեց Տէ Խէային

Նասըր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Տէ Խէային

Մանչեսթըր Եունայթըտէն հեռացած սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Խէա, որ ներկայիս որեւէ ակումբի մաս չի կազմեր, առաջարկ մը ստացած է Սէուտական Արաբիոյ փոխախոյեան Նասըրէն, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Արաբական ակումբը 32 տարեկան բերդապահին առաջարկած է տարեկան 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, մինչ ան մանչեսթըրեան ակումբէն կը ստանար 23 միլիոն եւրօ: 2009-2011 ժամանակամիջոցին սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմած Տէ Խէա յուլիս...

Նէյմար Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին  Եւ Կը Պատրաստուի Նոր Տարեշրջանին

Նէյմար Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին Եւ Կը Պատրաստուի Նոր Տարեշրջանին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ այս շաբաթասկիզբին բժշկական քնութիւններու ենթարկուեցաւ, միանալով իր կազմին, պիտի պատրաստուի նոր տարեշրջանին: 31 տարեկան ֆութպոլիստը Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին, Լիլի դէմ տեղի ունեցած 24-րդ հանգրուանի մրցումին վիրաւորուելով պատգարակով դուրս բերուած էր դաշտէն: Ան ապա ենթարկուած էր վիրաբուժութեան եւ այդ պատճառով ամբողջութեամբ բացակայած էր տարեշրջանի մնացեալ բաժինէն: Նշենք, որ Նէյմար,...

Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտի  Հաւաքականը Տիրացաւ 2 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալի

Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտի Հաւաքականը Տիրացաւ 2 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալի

Հունգարիոյ Քափոսվար քաղաքին մէջ աւարտած Եւրոպայի 15 տարեկանէն վար յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը տիրացաւ 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի: Արծաթէ մետալակիր դարձան Գառնիկ Մանուկեան (41 քկ) եւ Պետրոս Բաղրամեան (85 քկ), մինչ պրոնզէ մետալակիր` Մարատ Աճէմեան (44 քկ) եւ Ջանես Նազարեան (57 քկ): Նշենք, որ Մանուկեան եւ Բաղրամեան աւարտական մրցումներուն պարտութիւն կրեցին իրենց ռուս մրցակիցներէն: Իսկ...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Վալերիկ Մովսիսեան`  Երկամարտի Ոսկիէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Վալերիկ Մովսիսեան` Երկամարտի Ոսկիէ Մետալակիր

Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Վալերիկ Մովսիսեան երկամարտի մրցումներուն ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանին: 89 քկ դասակարգին մէջ ան արձանագրեց 305 քկ (145 եւ 160) արդիւնք մը: Այսպիսով, երկամարտի մրցումներուն, Հայաստան տիրացաւ իր չորրորդ ոսկի մետալին: Հայաստանի համար ոսկի մետալ մը ապահովեց նաեւ Էմմա Պօղոսեան, որ 81 քկ դասակարգին երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 225...

Լուքաս Հերնանտեզ Պայէրն Միւնիխէն  Տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն

Լուքաս Հերնանտեզ Պայէրն Միւնիխէն Տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի 27 տարեկան յետսապահ Լուքաս Հերնանտեզ, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխէն տեղափոխուեցաւ ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն: Մայրաքաղաքի կազմը անոր հետ ստորագրեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Հերնանտեզի, որ 2019-էն ի վեր մաս կը կազմէ միւնիխեան կազմին, փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 45 միլիոն եւրոյով: Ան նախորդ տարեշրջանին Պայէրնի հետ կատարեց 11 մրցում եւ նշանակեց կոլ մը: Նշենք,...

Page 277 of 1280 1 … 276 277 278 … 1,280

Արխիւներ