Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Զաւէն Բադոյեան երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց ղազախական Աքժայիքի հետ:
33 տարեկան ֆութպոլիստը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց Աֆիֆի նորաստեղծ ակումբին հետ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան եւ պիտի մասնակցի բաժակի մրցաշարքին:
Նշենք, որ ան ապրիլ 2022-ին իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացած էր Աքժայիքին, որուն հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր մինչեւ այս տարուան աւարտը:
Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, ան 12 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:


