Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը մրցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանին նախապատրաստուող Սիւնիքի դէմ:
Մրցումը վերջ գտաւ հաւաքականին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան համաձայն, գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեան իւրաքանչիւր կիսախաղին դաշտ ներկայացուց տարբեր կազմեր` իր բոլոր մարզիկներուն ալ առիթ տալով մրցումին մասնակցիլ: