Այնպէս կը թուի, որ միջազգային ֆութպոլիստներու հոսքը այս ամրան ընթացքին պիտի շարունակուի դէպի Սէուտական Արաբիա` նկատի ունենալով, որ նոր ֆութպոլիստ մը եւս` սերպ միջնապահ Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչ, իր ակումբը` Լացիօ Ռոման լքելով միացաւ Հիլալի:
Երկու կողմերը իրարու հետ կնքեցին երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, որ իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2026-ին:
Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման համար սէուտական խումբը հռոմեան ակումբին վճարեց 40 միլիոն եւրօ:
Միլինքովիչ-Սաւիչ, որ օգոստոս 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լացիօ Ռոմային, 341 մրցումի ընթացքին նշանակեց 69 կոլ եւ կատարեց 59 էսիսթ: