Ճատրակի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի կրանտմասթըր Մակնուս Քարլսըն, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին, 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ կրեց անակնկալ պարտութիւն մը:
Քարլսըն, որ սեւ քարերով մրցեցաւ 18 տարեկան գերմանացի Վենսան Քէյմերի դէմ, անկէ կրեց պարտութիւն մը:
Նշենք, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր Հայաստանի ներկայացուցիչները: