Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ փորթուգալեան Պենֆիքայի յառաջապահ Կոնցալօ Ռամոս միացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին:
Ֆրանսական ակումբը, որ տարեշրջանի մը համար փոխ առաւ 22 տարեկան ֆութպոլիստը, 2024-ի ամրան իրաւունք պիտի ունենայ փոխան 65 միլիոն եւրոյի գնելու անոր ստորագրութիւնը:
Ան նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ 47 մրցումի ընթացքին նշանակեց 27 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով: