Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համահայկական 8-րդ ամառնային խաղերուն:
35 տարեկան ֆութպոլիստը Սոչիի խումբին հետ կոլի հեղինակ դարձաւ Երեւանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ հայրենի ֆութպոլիստը նախորդ դեկտեմբերին Փիւնիկ Երեւանէն հեռանալէ ետք որեւէ ակումբի մաս չի կազմեր:
Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ 25 մրցումի ընթացքին նշանակած է 6 կոլ: