Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա խումբին հետ իր կատարած փորձերուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորեց իր ծունկը, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
31 տարեկան բերդապահը, որ պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն, շուտով պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, բերդապահը ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ` ապրիլ 2024-ին:
Այժմ մայրաքաղաքի կազմը նոր բերդապահի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած է` նկատի ունենալով, որ գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի այդքան ալ չի վստահիր պահեստի 22 տարեկան բերդապահ ուքրանացի Անտրէյ Լունինի:


