Մինսքի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ-ի խաղերուն, Հայաստանի մարզիկները ըմբշամարտի մրցումներուն մետալներու տիրացան:
61 քկ դասակարգի մրցումներուն, Նորիկ Յարութիւնեան յաղթելով իր վիեթնամցի մրցակիցին, տիրացաւ պրոնզ մետալի:
57 քկ դասակարգի մրցումներուն, Նարեկ Յակոբեան պարտութիւն մը կրեց պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին:
Ազատ Կարապետեան (86 քկ) 7-5 արդիւնքով յաղթելով իր խըրխըզ մրցակիցին, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Պրոնզէ մետալի տիրացաւ նաեւ Սերկէյ Սարգսեան (97 քկ), որ 11-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր տաճիկ մրցակիցին դէմ: