Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ԱՊՀ-ի երկրորդ խաղերուն ծիրին մէջ, Հայաստանի վոլիպոլի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի յաջորդ մրցակիցն է Պիելոռուսիոյ ազգային հաւաքականը:
Նշենք, որ Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող այս խաղերուն Հայաստան կը մասնակցի աւելի քան 140 պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներով: