Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Նասըր հանդիսացաւ արաբական «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Աւարտականի մրցումին Նասըր, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տուպլէին շնորհիւ, երկարաձգման ընթացքին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց նախորդ տարեշրջանի պրոնզէ մետալակիր Հիլալը:
38 տարեկան Ռոնալտօ 74-րդ վայրկեանին հաւասարեցուց արդիւնքը, մինչ երկարաձգման 8-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը:
Նշենք, որ ան յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով դարձաւ կոլի հեղինակ:


