Լոնտոնեան Թոթենհամի մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնի փոխանցումը` Պայէրն Միւնիխ, կը թուի ըլլալ մօտալուտ:
Նշուեցաւ, որ երկու ակումբները անոր փոխանցման շուրջ համաձայնութեան եկած են եւ համաձայնած 100 միլիոն եւրոյէն աւելի գումարի մը շուրջ:
Սակայն կը նշուի, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ վերջնական որոշում մը չէ տուած իր ապագային վերաբերեալ:
2011-էն ի վեր Թոթենհամին մաս կազմած Քէյն, որ մինչեւ 30 յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մայրաքաղաքի կազմին հետ, անոր հետ 436 մրցումի ընթացքին նշանակած է 284 կոլ եւ կատարած 64 էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 90 միլիոն եւրոյով:


