Փղոսկրեայ ափունքցի 26 տարեկան միջնապահ Ֆրանք Քեսի հեռացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայէն, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անիկա յայտնեց, որ Ահլի (Սէուտական Արաբիա) իր կազմին միացուց Քեսին` անոր փոխանցման համար վճարելով 12,5 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ան նախորդ ամառ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ Ա. Սէ. Միլանէն միացաւ Պարսելոնայի, սակայն իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի չառնուեցաւ իր կազմին կողմէ:
Ան նախորդ տարեշրջանին, Պարսելոնայի հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցեցաւ 43 մրցումի, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:


