Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Տինամօ Մոսկուա, որ հիւրընկալեց Քրասնոտարը, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+6-րդ), Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արսէն Զախարեան նշանակեց Տինամօ Մոսկուայի յաղթանակի կոլը:
Նշենք, որ Քրասնոտարի կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան, որ փոխարինուեցաւ 84-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մէկ այլ միջնապահ եւ անոր խմբակից Էդուարդ Սպերցեան կախակայուած ըլլալով մրցումին չմասնակցեցաւ: