Մարզական

«Եւրօ-2024».  Բալեկեան Շատ Հաւանաբար Չմիանայ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

«Եւրօ-2024». Բալեկեան Շատ Հաւանաբար Չմիանայ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան, որ մաս կը կազմէ արժանթինեան Պոքա Ժունիորզին, Սարմիենթոյի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ աւարտեցաւ անոր կազմին պարտութեամբ (1-0) վիրաւորուեցաւ: 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ դաշտ ներկայացաւ 69-րդ վայրկեանին, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն վիրաւորուելով  փոխարինուեցաւ: Անոր ապաքինման ժամանակը թէեւ ցարդ յստակ չէ, սակայն հաւանականութիւնը մեծ է, որ ան չմիանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի...

Ռաֆայէլ Նազարեան Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքական Հրաւիրեց 25 Ֆութպոլիստի

Ռաֆայէլ Նազարեան Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքական Հրաւիրեց 25 Ֆութպոլիստի

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը 4 սեպտեմբերէն սկսեալ պիտի սկսի նախապատրաստուիլ 2025-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան այս հաւաքին եւ մրցումին համար նկատի առաւ 25 ֆութպոլիստի: Նշենք, որ 8 սեպտեմբերին Աբովեանի Վահագն Թումասեանի անուան մարզադաշտին մէջ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Ալպանիան, իսկ 12 սեպտեմբերին` Մոնթենեկրոն:...

Էտեն Հազար Շատ Հաւանաբար Աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Էտեն Հազար Շատ Հաւանաբար Աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ռէալ Մատրիտի նախկին միջնապահ Էտեն Հազար շատ հաւանաբար աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, այս մասին յայտնեց «Ֆութ Մերքաթօ»: Մարզիկներու ամառնային  փոխանցման ընթացքին 32 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած էին ֆրանսական Նիսը, Մարսէյն ու Լիլը, առանց սակայն կարենալ համաձայնութեան գալու ֆութպոլիստին հետ: Պելճիքացին կը մտածէ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը` մերժելով վեց այլ ակումբներու առաջարկներ ալ: Նշենք, որ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին...

Վինիսիուս Աւելի Քան Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Վինիսիուս Աւելի Քան Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր, 4-6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 23 տարեկան ֆութպոլիստը վիրաւորեց իր ազդրը, նախորդ շաբաթավերջին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումին: Ան վերոնշեալ մրցումին 18-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 55 մրցումի, նշանակեց 23 կոլ...

Իթթիհատ 162 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Պիտի Առաջարկէ Մոհամետ Սալահի Համար

Իթթիհատ 162 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Պիտի Առաջարկէ Մոհամետ Սալահի Համար

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեան Իթթիհատ 162 միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի առաջարկէ անգլիական Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի համար, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Այդ գումարին 54 միլիոն ամերիկեան տոլարը անոր համար պիտի ըլլայ իբրեւ պարգեւավճար, անոր արձանագրած արդիւնաւէտութեան պարագային: Թէեւֆութպոլիստը ընդունեց այս առաջարկը, սակայն երկու ակումբներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները ցարդ արդիւնք չեն տուած: Եթէ անոր այս փոխանցումը տեղի...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Թիւ 1 Դասուած Սվիաթեքի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Թիւ 1 Դասուած Սվիաթեքի Յաղթական Մեկնարկը

Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, թիւ 1 դասուած լեհ Իկա Սվիաթեք, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` 6-0 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով աշխարհի 86-րդ դիրքին վրայ գտնուող շուէտացի Ռեպեքա Փեթերսոնը: Բ. հանգրուանի մրցումներուն անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ աւստրալիացի Տարիա Սեւիլ, որ աշխարհի դասաւորման մէջ կը գրաւէ 322-րդ դիրքը: Նշենք, որ Սվիաթեք...

Պատանի Կռփամարտիկները Մրցանշային` 13 Մետալով Վերադարձան Հայրենիք` Եւրոպայի Ախոյեանութենէն

Պատանի Կռփամարտիկները Մրցանշային` 13 Մետալով Վերադարձան Հայրենիք` Եւրոպայի Ախոյեանութենէն

Հայաստանի կռփամարտի պատանեկան հաւաքականը, Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կրտսեր ախոյեանութենէն վերադարձաւ հայրենիք` տիրանալով 2 ոսկի, 4 արծաթ եւ 7 պրոնզ մետալի: 13 մետալները տարիքային այս ախոյեանութեան մրցանշային եղան հայկական կռփամարտի պատմութեան մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը Սլովենիա մեկնած էր գլխաւոր մարզիչ Արթուր Մելքումեանի գլխաւորութեամբ, մինչ օգնական մարզիչներն էին Արմէն Բաղդասարեան, Խաչիկ...

«Պունտըսլիկա».  Հերի Քէյն Տուպլէ Մը Իրագործեց

«Պունտըսլիկա». Հերի Քէյն Տուպլէ Մը Իրագործեց

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայերն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Օկզպուրկը, անոր դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անգլիացի միջազգային յառաջապահ Հերի Քէյն իր կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց 40-րդ (փենալթիով) եւ 69-րդ վայրկեաններուն: Պայերնի նման իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեցին եւ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովեցին նաեւ Իւնիոն Պերլին, Պայեր Լեւերքուզըն, Վոլֆսպուրկ եւ Ֆրայպուրկ: Պորուսիա Տորթմունտ,...

Աթլեթիզմ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Միացեալ Նահանգներ Հանդիսացան Առաջին` 29 Գունաւոր Մետալով

Աթլեթիզմ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Միացեալ Նահանգներ Հանդիսացան Առաջին` 29 Գունաւոր Մետալով

Նախորդ շաբաթավերջին Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ իր աւարտին հասաւ աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը: Մետալներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւեցին Միացեալ Նահանգներ, որոնք տիրացան 29 գունաւոր մետալի (12 ոսկի, 8 արծաթ եւ 9 պրոնզ): Տիրանալով 4 ոսկի եւ երկու արծաթ մետալի, Քանատա գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց` Սպանիա (4 ոսկի եւ մէկ արծաթ):

«Փրեմիեր Լիկ».  Կուարտիոլա Ամէնէն Արագը, Որ Հասաւ 200 Յաղթանակի

«Փրեմիեր Լիկ». Կուարտիոլա Ամէնէն Արագը, Որ Հասաւ 200 Յաղթանակի

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրը եղաւ Շեֆիլտ Եունայթըտին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ, որ 37-րդ վայրկեանին փենալթի մը կոլի չկրցաւ վերածել, 63-րդ վայրկեանին նշանակեց Սիթիի առաջին կոլը: Այս յաղթանակը մանչեսթըրեան կազմին համար հանդիսացաւ երրորդ յաջորդական յաղթանակը (միակը քսան խումբերուն մէջ): Սիթիի քաթալոնիացի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա այսպիսով հանդիսացաւ...

«Քալչիօ».  Ա. Սէ. Միլան 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Թորինոյին. Ժիրու Տուպլէ Մը Իրագործեց

«Քալչիօ». Ա. Սէ. Միլան 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Թորինոյին. Ժիրու Տուպլէ Մը Իրագործեց

MILAN, ITALY - AUGUST 26: Olivier Giroud of AC Milan celebrates after scoring his second penalty to give the side a 4-1 lead during the Serie A TIM match between AC Milan and Torino FC at Stadio Giuseppe Meazza on August 26, 2023 in Milan, Italy. (Photo by Jonathan Moscrop/Getty Images) Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Սէ....

«Լիկ-1».  Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը

«Լիկ-1». Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Լանսը, անոր դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, այս յաղթանակը սպանացի մարզիչ Լուիս Էնրիքէի կազմին համար հանդիսացաւ տարեշրջանի առաջինը` յաջորդական երկու հաւասարութենէ ետք: Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ, որ տարեշրջանի առաջին մրցումին նկատի չէր առնուած իր մարզիչին կողմէ, մինչ երկրորդին դաշտ ներկայացած...

«Մէյճըր Լիկ».  Լիոնել Մեսսի Իր Նորամուտը Նշեց Կոլով

«Մէյճըր Լիկ». Լիոնել Մեսսի Իր Նորամուտը Նշեց Կոլով

Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան («Մէյճըր Լիկ») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր Մայեմի, որ հիւրը եղաւ Նիւ Եորք Ռետ Պուլզին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին, մինչ մրցումը կ՛ընթանար ի նպաստ անոր կազմին` 1-0 արդիւնքով: Այսպիսով, Մեսսի «Մէյճըր Լիկ»-ի մրցումներուն գծով իր նորամուտը...

Ալեքսիս Սանչեզ Միացաւ Ինթեր Միլանին

Ալեքսիս Սանչեզ Միացաւ Ինթեր Միլանին

Չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեզ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլանին` մինչեւ յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ: Սանչեզ, որ արդէն իսկ նախապէս մաս կը կազմէր իտալական ակումբին, նախորդ տարեշրջանին ելոյթ ունեցաւ ֆրանսական Մարսէյի հետ` անոր հետ 44 մրցումի ընթացքին նշանակելով 18 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ: 34 տարեկան Սանչեզ մաս կազմած է շարք մը...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Յաղթեց Վիարէալին` Կոլերով Հարուստ Մրցումէ Մը Ետք (4-3)

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց Վիարէալին` Կոլերով Հարուստ Մրցումէ Մը Ետք (4-3)

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Վիարէալին, կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քաթալոնական կազմին կոլերը նշանակեցին Կաւի (12-րդ), Ֆրանքի տը Եոնկ (15-րդ), Ֆերան Թորես (68-րդ) եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (71-րդ): Երկրին փոխախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Սելթա Վիկոյի դաշտէն: Անգլիացի...

Ռոպերթօ Մանչինի` Սէուտական Արաբիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Գլխաւոր Մարզիչ

Ռոպերթօ Մանչինի` Սէուտական Արաբիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Գլխաւոր Մարզիչ

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ իտալացի Ռոպերթօ Մանչինի նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ: Կողմերը իրարու հետ կնքեցին պայմանագրութիւն մը, որ ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2026, մինչ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 20 միլիոն եւրօ: 58 տարեկան Մանչինի, որ 2018-էն ի վեր Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչն էր, նախորդ 12 օգոստոսին ներկայացուց իր հրաժարականը, որ...

«Ֆորմիւլա-1».  Նետերլանտցի Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Նետերլանտներու Մէջ

«Ֆորմիւլա-1». Նետերլանտցի Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Նետերլանտներու Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 13-րդ կրան փրին վերջ գտաւ «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 2 ժամ 24'04''արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Ասթոն Մարթին»-ի սպանացի վարորդ Ֆերնանտօ Ալոնսօ (3'' 744 ուշ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ալփին»-ի ֆրանսացի վարորդ Փիեռ Կասլի (7'' 058 ուշ): Արձանագրելով իր 9-րդ...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին 55 Կէտի Տարբերութեամբ Բաւական Ծանր Պարտութիւնը` Քանատայէն (128-73)

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին 55 Կէտի Տարբերութեամբ Բաւական Ծանր Պարտութիւնը` Քանատայէն (128-73)

Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան ՖԻՊԱ-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները` տարբեր խմբակներու մէջ: Ը. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի տղոց ազգային խումբը կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Քանատայէն, 55 կէտի տարբերութեամբ` 128-73 արդիւնքով (13-29, 17-37, 18-34 եւ 25-28): Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Օմարի Սփիլմըն (16 կէտ), ապա` Քարիմ Զէյնուն (15 կէտ): Յաջորդաբար երկրորդ մրցումն...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Ունեցաւ 2 Ախոյեան Եւ Տիրացաւ 13 Մետալի

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Ունեցաւ 2 Ախոյեան Եւ Տիրացաւ 13 Մետալի

Սլովենիոյ մէջ նախորդ շաբաթավերջին վերջ գտաւ Եւրոպայի կրտսեր տարիքի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութիւնը: Իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, հայրենի մարզիկները տիրացան 2 ոսկի, 4 արծաթ եւ 7 պրոնզ մետալներու: Եւրոպայի պատանեկան ախոյեան հանդիսացան Կարէն Զախարեան (50 քկ) եւ Արսէն Դարբինեան (54 քկ), մինչ Հրաչ Խաչատրեան (80 քկ) աւարտականին պարտութիւն կրելով տիրացաւ արծաթ մետալին: Աղջկանց մրցումներուն, թէեւ Լիաննա Ժամհարեան (44 քկ), Համեստ...

Հայրենի Ըմբիշները Մետալներու Տիրացան Պրազիլի Մէջ

Հայրենի Ըմբիշները Մետալներու Տիրացան Պրազիլի Մէջ

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ըմբիշները մետալներու տիրացան Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած դպրոցականներու (15 տարեկանէն վար) համաշխարհային խաղերուն, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 40-է աւելի երկիրներէ մարզիկներ: Յունահռոմէական ըմբիշներ Մարատ Աճէմեան (44 քկ) եւ Արամ Սարգսեան (62 քկ), կատարելով չորսական մենամարտ, հանդիսացան ոսկիէ մետալակիր, մինչ Ջանես Նազարեան (57 քկ)` պրոնզէ մետալակիր: Տեղի ունեցան նաեւ խմբային դրութեամբ մրցումներ, ուր...

Page 262 of 1280 1 … 261 262 263 … 1,280

Արխիւներ