Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայերն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Օկզպուրկը, անոր դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անգլիացի միջազգային յառաջապահ Հերի Քէյն իր կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց 40-րդ (փենալթիով) եւ 69-րդ վայրկեաններուն:
Պայերնի նման իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեցին եւ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովեցին նաեւ Իւնիոն Պերլին, Պայեր Լեւերքուզըն, Վոլֆսպուրկ եւ Ֆրայպուրկ:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ տարեշրջանը սկսած էր յաղթանակով, երկրորդ մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պոխումի դաշտին վրայ:


