Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր, 4-6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
23 տարեկան ֆութպոլիստը վիրաւորեց իր ազդրը, նախորդ շաբաթավերջին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումին:
Ան վերոնշեալ մրցումին 18-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 55 մրցումի, նշանակեց 23 կոլ եւ կատարեց 21 էսիսթ:


