Մարզական

Գէորգ Ղազարեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Գէորգ Ղազարեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ  դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 35 տարեկան Ղազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է Փիւնիկ Երեւանի, Ուրարտուի, Արարատ-Արմենիայի, Մեթալուրկ Տոնեցքի, Շախտիոր Քարաքանտայի, Օլիմփիաքոսի, Մարիթիմուի եւ շարք մը այլ ակումբներու: Ան եօթը անգամ հանդիսացած է Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան, երկու անգամ` Հայաստանի բաժակակիր, իսկ մէկ անգամ...

Արթուր Սերոբեան Տեղափոխուեցաւ Փորթուգալեան Ակումբ

Արթուր Սերոբեան Տեղափոխուեցաւ Փորթուգալեան Ակումբ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ երեւանեան Արարատ-Արմենիայի յառաջապահ Արթուր Սերոբեան, մինչեւ յունիս 2024 փոխ տրուեցաւ Փորթուգալի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Քասա Փիա խումբին: Նշուեցաւ, որ վերոնշեալ թուականէն անմիջապէս ետք փորթուգալեան ակումբը իրաւունք պիտի ստանայ գնելու ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը: 20 տարեկան Սերոբեան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 8 մրցումի, մինչ երեւանեան ակումբին հետ 2023-2024 տարեշրջանին`...

Նայիր Տիկնիզեան Կրնայ Տեղափոխուիլ «Պունտըսլիկա»

Նայիր Տիկնիզեան Կրնայ Տեղափոխուիլ «Պունտըսլիկա»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեանով բաւական մօտէն հետաքրքրուած է «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պայեր Լեւերքուզըն, այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը: Ցարդ գերմանական ակումբը պաշտօնական առաջարկ մը չէ ներկայացուցած, սակայն կ՛ակնկալուի, որ անիկա շուտով ներկայացուի, նախքան մարզիկներուն փոխանցման աւարտը: Վերջին շրջանին կը նշուէր, որ 24 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Վերտըր Պրեմըն, Վոլֆսպուրկ, Էմփոլի եւ Պոլոնիա: Միջազգային...

Նարեկ Գրիգորեան Ուրարտուէն Տեղափոխուեցաւ Ֆարուլ Քոնսթանա

Նարեկ Գրիգորեան Ուրարտուէն Տեղափոխուեցաւ Ֆարուլ Քոնսթանա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Նարեկ Գրիգորեան, հեռանալով Ուրարտու ակումբէն, միացաւ ռումանական Ֆարուլ Քոնսթանա ակումբին, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ա. լիկային: Ան հայկական ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 73 պաշտօնական մրցումի եւ նշանակեց 16 կոլ: 2021-ի ամրան ան առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական եւ իր նորամուտը նշեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին:

Սարգիս Ստեփանեան, Նայիրա Մեսրոպեան Եւ Սարգիս Յարութիւնեան` Աշխարհի Ախոյեաններ

Սարգիս Ստեփանեան, Նայիրա Մեսրոպեան Եւ Սարգիս Յարութիւնեան` Աշխարհի Ախոյեաններ

Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի փարա-բազկամարտի 25-րդ ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ երեք ոսկի մետալի: Աշխարհի ախոյեան հանդիսացան Սարգիս Ստեփանեան, Նայիրա Մեսրոպեան եւ Սարգիս Յարութիւնեան: Մինչեւ 80 քկ դասակարգին մէջ ոսկի մետալին տիրացաւ Հայաստանի հաշմանդամներու ֆետերասիոնի հիմնադիր փոխգնդապետ Ստեփանեան: 65 քկ դասակարգին մէջ աղջկանց ախոյեան հանդիսացաւ Մեսրոպեան, իսկ 55 քկ եւ վար դասակարգին մէջ` Յարութիւնեան:  

Թիպօ Քուրթուա Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Թիպօ Քուրթուա Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Ռէալ Մատրիտի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան: 31 տարեկան բերդապահը ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ յառաջիկայ ձմրան, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Թիպօ Քուրթուա, որ Ռէալ Մատրիտին մաս կը կազմէ 2018-էն ի վեր, նախորդ տարեշրջանին 31 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ 29 կոլ:

Մանչինի` Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Երկրորդ Մարզիչը

Մանչինի` Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Երկրորդ Մարզիչը

Սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ, որուն տարեկան աշխատավարձն է 34 միլիոն եւրօ, աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիչն է: Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր նշանակուած մարզիչ, իտալացի Ռոպերթօ Մանչինի, որուն տարեկան աշխատավարձն է 25 միլիոն եւրօ, յայտնուեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ: Մանչինի, որ 2018-էն ի վեր Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչն էր, տարեկան կը գանձէր միայն 2 միլիոն եւրօ:...

Ռաֆայէլ Վարան Քանի Մը Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռաֆայէլ Վարան Քանի Մը Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ֆրանսացի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան, որ վիրաւորուեցաւ, քանի մը շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Վարան վիրաւորուեցաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (3-2): Նշուեցաւ, որ մանչեսթըրեան ակումբին իր մաս կազմելուն երկու տարուան ժամանակամիջոցին ան 9-րդ անգամ ըլլալով կը վիրաւորուի:  

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան (ԱՊՊԱ) 2022-2023 Տարեշրջանի Արդիւնքները

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան (ԱՊՊԱ) 2022-2023 Տարեշրջանի Արդիւնքները

Հայ սեւ գօտիներու միութեան (ԱՊՊԱ) մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի Ֆետերասիոնին կազմակերպած 2022-2023 տարեշրջանի մրցաշարքերուն եւ ապահովեցին լաւագոյն դիրքերը: Մրցաշարքերուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին եօթը ակումբներ: ԱՊՊԱ-ի մարզիկները ներկայացուցին բարձր մակարդակի մարտարուեստ եւ արձանագրեցին հետեւեալ պատուաբեր արդիւնքները.- Անթոնի Արզումանեան.-  7 ոսկի Անի Վարդանեան.- 6 ոսկի, 2 պրոնզ Լիանա Քէշիշեան.- 5 ոսկի, 1 արծաթ Քրիստ Սուլեան.- 4 ոսկի,...

Ուու Շու-Քոնկ Ֆու. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Արտաշէս Աւագեան Տիրացաւ Ոսկի Եւ Արծաթ Մետալի

Ուու Շու-Քոնկ Ֆու. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Արտաշէս Աւագեան Տիրացաւ Ոսկի Եւ Արծաթ Մետալի

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի Ուուշու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին մարզիկները, նախարարութեան աջակցութեամբ, Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած Ուու-շու-քոնկ ֆուի աշխարհի ախոյեանութեան տիրացան մէկ ոսկի, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալի: Աշխարհի ախոյեանութեան կոչման արժանացաւ Արտաշէս Աւագեան, ինչ որ հայկական Ուուշուի պատմութեան մէջ բացառիկ նուաճում մըն է` 22 տարուան ընթացքին: Ան տիրացաւ նաեւ արծաթ մետալին, մինչ...

Յովհաննէս Յարութիւնեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Յովհաննէս Յարութիւնեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Յովհաննէս Յարութիւնեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախապէս վիրաւոր, սակայն աւելի ուշ ապաքինած Յարութիւնեան, 28 օգոստոսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Արեւմտեան Հայաստանի խումբին դէմ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումին: Նշենք, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 8 սեպտեմբերին Հայաստան հիւրը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ, մինչ...

Իշխան Գելոյեան Նշանակեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Կոլը

Իշխան Գելոյեան Նշանակեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Կոլը

Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային լիկայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ Թուլա, որ հիւրընկալեց Թորփետօ Մոսկուան, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հիւրընկալ կազմին մաս կազմող հայրենի ֆութպոլիստ Իշխան Գելոյեան 36-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: 30 տարեկան Գելոյեան, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ամբողջութեամբ ելոյթ ունեցած Ռուսիոյ մէջ` մաս կազմելով եօթը ակումբի, ազգային լիկային մէջ ցարդ կատարած է...

Սպանական Ֆութպոլ.  Աթլեթիքօ Մատրիտ Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

Սպանական Ֆութպոլ. Աթլեթիքօ Մատրիտ Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ մատրիտեան տերպիի մրցումին հիւրը եղաւ Ռայօ Վայեքանոյին, արձանագրեց 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը: Այս յաղթանակը, որ Աթլեթիքոյի պատմութեան մէջ ամէնէն մեծն էր, արձանագրուած` օտար դաշտի վրայ, ակումբին պատմութեան մէջ եղաւ պատմական յաղթանակ մը: Այսպիսով, Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմը երեք մրցումէ ապահոված է 7 կէտ` Ժիրոնայի եւ Պարսելոնայի...

Պենզեմա Վիրաւորուեցաւ

Պենզեմա Վիրաւորուեցաւ

Իթթիհատին մաս կազմող ֆրանսացի 35 տարեկան յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ: Ան Ուահտէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 42-րդ վայրկեանին վիրաւորուելով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Պենզեմա, որ Ռէալ Մատրիտէն միացաւ Իթթիհատին, իր կազմին հետ ցարդ չորս մրցումի ընթացքին նշանակած է կոլ մը եւ կատարած երկու էսիսթ: Այս շաբաթասկիզբին նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը, լարուած յարաբերութիւններ ունի...

Եորտի Ալպա Հեռացաւ Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Եորտի Ալպա Հեռացաւ Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Ամերիկեան Ինթեր Մայեմիին մաս կազմող 34 տարեկան յետսապահ Եորտի Ալպա հեռացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբէն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Նշենք, որ այս մասին արդէն իսկ յայտնած էր Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը` քանի մը շաբաթ առաջ: Ալպա Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմած է 12 տարի` անոր հետ հանդիսանալով 2012-ի Եւրոպայի ախոյեան, իսկ 2023-ին` «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր: Ան...

Ռոնալտօ Փենալթիով Նշանակեց Երկու Կոլ Եւ Կատարեց Էսիսթ Մը

Ռոնալտօ Փենալթիով Նշանակեց Երկու Կոլ Եւ Կատարեց Էսիսթ Մը

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նասըր, որ հիւրընկալեց Շապապը, անոր դէմ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ա. կիսախաղին տուպլէ մը իրագործեց փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: Ռոնալտօ, որ իր երկու կոլերն ալ նշանակեց փենալթիով (13-րդ եւ 38-րդ), կատարեց նաեւ երրորդ կոլին էսիսթը, որ կոլի վերածուեցաւ անոր խմբակից սենեկալցի Սատիօ Մանէի կողմէ (40-րդ): Նշենք, որ նախորդ մրցումին Ռոնալտօ հանդիսացած...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Կարէն Խաչանով Պարտութիւն Մը Կրեց Ա. Հանգրուանին

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Կարէն Խաչանով Պարտութիւն Մը Կրեց Ա. Հանգրուանին

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, անյաջող մեկնարկ մը ունեցաւ Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով: «Ռոլան Կարոս»-ին վիրաւորուելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով թենիսի դաշտերը վերադարձած հայազգի թենիսմենը, որ միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 11-րդ, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը աշխարհի դասաւորման 89-րդ դիրքին վրայ գտնուող...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբին Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը` Ֆրանսայէն, 85-79 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբին Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը` Ֆրանսայէն, 85-79 Արդիւնքով

ՖԻՊԱ-ի աշխարհի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէր Ը. խմբակին, երէկ` երեքշաբթի, 29 օգոստոսին աւարտեց իր ելոյթները, երբ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն, իր վերջին մրցումին ճակատեցաւ Ֆրանսայի դէմ: Նախքան մրցումը, երկու կազմերն ալ կրած էին երկուքական պարտութիւն, եւ բնականաբար անոնցմէ մէկը պիտի արձանագրէր մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը: Լիբանանի ազգային խումբը կրեց իր...

Արագ Ճատրակի Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Դասաւորման 4-րդ Դիրքը

Արագ Ճատրակի Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Դասաւորման 4-րդ Դիրքը

Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ արագ ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով: Նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ «Էշտոտ Էլիթ Չես Քլապ» խումբին դէմ, արձանագրեց` 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Շանթ Սարգսեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Էլինա Դանիէլեան եւ Ալպերթօ Աթոյեան` հաւասարութիւն: Վերջին հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականը 3,5-2,5 արդիւնքով յաղթելէ...

Թեքուանտօ.  Սարգիս Սարգսեան Պրոնզ Մետալի Մը Տիրացաւ Թալլինի Միջազգային Մրցաշարքին

Թեքուանտօ. Սարգիս Սարգսեան Պրոնզ Մետալի Մը Տիրացաւ Թալլինի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի թեքուանտոյի ազգային հաւաքականի անդամ Սարգիս Սարգսեան պրոնզ մետալի մը տիրացաւ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալլինի մէջ տեղի ունեցած թեքուանտոյի միջազգային մրցաշարքին: 68 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Սարգսեան, այս մրցաշարքին արձանագրեց երեք յաղթանակ: Սարգսեան, որ իրեն մարզիչ ունի Գէորգ Դանիէլեանը, շուրջ ամիս մը առաջ արծաթ մետալի տիրացած էր Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ուսանողական խաղերուն:  

Page 261 of 1280 1 … 260 261 262 … 1,280

Արխիւներ