Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, թիւ 1 դասուած լեհ Իկա Սվիաթեք, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` 6-0 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով աշխարհի 86-րդ դիրքին վրայ գտնուող շուէտացի Ռեպեքա Փեթերսոնը:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ աւստրալիացի Տարիա Սեւիլ, որ աշխարհի դասաւորման մէջ կը գրաւէ 322-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Սվիաթեք նախորդ տարուան աղջկանց տիտղոսակիրն է:
Աղջկանց մրցաշարքին գծով, յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ նաեւ 66-րդ դասուած ռուսահայ Էլինա Աւանէսեան, որ 6-2, 1-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 79-րդ դասուած ֆրանսացի Ալիզէ Քոռնէն:
Բ. հանգրուանին անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ լաթվիացի Ելենա Օսթափենքօ (դասուած` 35-րդ):
Տղոց մրցումներուն, 4-րդ դասուած Հոլկեր Ռունէ կրեց անակնկալ պարտութիւն մը սպանացի Ռոպերթօ Քարպայես Պայենայէն, 6-3, 4-6, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով:
23 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսակիր, սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը 6-0, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ֆրանսացի Ալեքսանտր Միւլըրը (84-րդ):
Յաջորդ հանգրուանին, Ճոքովիչի մրցակիցը պիտի ըլլայ 76-րդ դասուած սպանացի Պեռնար Սափաթա-Միրալիես:
«ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 65 միլիոն ամերիկեան տոլար:


