Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան ՖԻՊԱ-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները` տարբեր խմբակներու մէջ:
Ը. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի տղոց ազգային խումբը կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Քանատայէն, 55 կէտի տարբերութեամբ` 128-73 արդիւնքով (13-29, 17-37, 18-34 եւ 25-28):
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Օմարի Սփիլմըն (16 կէտ), ապա` Քարիմ Զէյնուն (15 կէտ):
Յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով Սփիլմըն չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը` իբրեւ օտարահպատակ, լիբանանեան անցագիր ստացած, եւ ինչպէս որ յայտարարուած էր` բաւական փորձառու խաղացող… Ան չտուաւ իրմէ սպասուածը:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն գծով, Լիբանան վաղը` երեքշաբթի, 29 օգոստոսին պիտի կատարէ իր երրորդ մրցումը` Ֆրանսայի դէմ:


