Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան, որ մաս կը կազմէ արժանթինեան Պոքա Ժունիորզին, Սարմիենթոյի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ աւարտեցաւ անոր կազմին պարտութեամբ (1-0) վիրաւորուեցաւ:
27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ դաշտ ներկայացաւ 69-րդ վայրկեանին, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն վիրաւորուելով փոխարինուեցաւ:
Անոր ապաքինման ժամանակը թէեւ ցարդ յստակ չէ, սակայն հաւանականութիւնը մեծ է, որ ան չմիանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի սեպտեմբերեան հաւաքին:
Նշենք, որ Բալեկեան ընդգրկուած էր Հայաստանի հաւաքականին մէջ` մասնակցելու համար Թուրքիոյ եւ Խրուաթիոյ դէմ տեղի ունենալիք զտումի մրցումներուն («ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւն):


