Հայաստանի կռփամարտի պատանեկան հաւաքականը, Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կրտսեր ախոյեանութենէն վերադարձաւ հայրենիք` տիրանալով 2 ոսկի, 4 արծաթ եւ 7 պրոնզ մետալի:
13 մետալները տարիքային այս ախոյեանութեան մրցանշային եղան հայկական կռփամարտի պատմութեան մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը Սլովենիա մեկնած էր գլխաւոր մարզիչ Արթուր Մելքումեանի գլխաւորութեամբ, մինչ օգնական մարզիչներն էին Արմէն Բաղդասարեան, Խաչիկ Խաչատրեան եւ Արթուր Վարդեվառեան:


