Նախորդ շաբաթավերջին Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 13-րդ կրան փրին վերջ գտաւ «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 2 ժամ 24’04”արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Ասթոն Մարթին»-ի սպանացի վարորդ Ֆերնանտօ Ալոնսօ (3” 744 ուշ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ալփին»-ի ֆրանսացի վարորդ Փիեռ Կասլի (7” 058 ուշ):
Արձանագրելով իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը, աշխարհի կրկնակի ախոյեանը այսպիսով կրկնեց` Սեպասթիան Վեթելի եւ Ալպերթօ Ասքարիի ցուցանիշները:
Այս կրան փրիէն 8 լեփ առաջ տեղատարափ անձրեւուն պատճառով «Ալֆա Ռոմէօ»-ի վարորդ Զհու Կուանեուի (Չինաստան) ունեցած արկածին հետեւանքով առնուեցաւ դադար` մօտաւորապէս 45 վայրկեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Վերսթափեն ունեցաւ 339 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` անոր խմբակից մեքսիքացի Սեպասթիան Փերեզ, ունի 201 կէտ:
Նշենք, որ յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 3 սեպտեմբերին` Իտալիոյ մէջ (Մոնզա):