
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան, որ հիւրընկալեց Թորինոն, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Ֆրանսացի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու, որ տուպլէ մը իրագործեց (43-րդ եւ 65-րդ), իր երկու կոլերն ալ նշանակեց փենալթիով:
Նափոլի եւ Վերոնա արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` յաջորդաբար Սասուոլոյի (2-0) եւ Ա. Էս. Ռոմայի (2-1) դէմ:


