Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ըմբիշները մետալներու տիրացան Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած դպրոցականներու (15 տարեկանէն վար) համաշխարհային խաղերուն, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 40-է աւելի երկիրներէ մարզիկներ:
Յունահռոմէական ըմբիշներ Մարատ Աճէմեան (44 քկ) եւ Արամ Սարգսեան (62 քկ), կատարելով չորսական մենամարտ, հանդիսացան ոսկիէ մետալակիր, մինչ Ջանես Նազարեան (57 քկ)` պրոնզէ մետալակիր:
Տեղի ունեցան նաեւ խմբային դրութեամբ մրցումներ, ուր հայ ըմբիշները ընդգրկուեցան եւրոպական խումբին մէջ:
Անոնք արձանագրելով երկուքական յաղթանակ, հանդիսացան ախոյեան, յաղթելով միւս ցամաքամասի խումբերուն:


