Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ իտալացի Ռոպերթօ Մանչինի նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ:
Կողմերը իրարու հետ կնքեցին պայմանագրութիւն մը, որ ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2026, մինչ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 20 միլիոն եւրօ:
58 տարեկան Մանչինի, որ 2018-էն ի վեր Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչն էր, նախորդ 12 օգոստոսին ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
Անոր հետ Իտալիա 61 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 39 յաղթանակ, 13 հաւասարութիւն եւ կրեց 9 պարտութիւն:


