Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Յովհաննէս Յարութիւնեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախապէս վիրաւոր, սակայն աւելի ուշ ապաքինած Յարութիւնեան, 28 օգոստոսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Արեւմտեան Հայաստանի խումբին դէմ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումին:
Նշենք, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 8 սեպտեմբերին Հայաստան հիւրը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ, մինչ 11 սեպտեմբերին պիտի հիւրընկալէ 2022-ի Մոնտիալի պրոնզէ մետալակիր Խրուաթիան:
Պատրաստուելու համար վերոնշեալ երկու մրցումներուն, հայրենի կազմը 4 սեպտեմբերին մարզական հաւաքի մը պիտի սկսի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:


