Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ֆրանսացի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան, որ վիրաւորուեցաւ, քանի մը շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Վարան վիրաւորուեցաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (3-2):
Նշուեցաւ, որ մանչեսթըրեան ակումբին իր մաս կազմելուն երկու տարուան ժամանակամիջոցին ան 9-րդ անգամ ըլլալով կը վիրաւորուի: