Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ երեւանեան Արարատ-Արմենիայի յառաջապահ Արթուր Սերոբեան, մինչեւ յունիս 2024 փոխ տրուեցաւ Փորթուգալի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Քասա Փիա խումբին:
Նշուեցաւ, որ վերոնշեալ թուականէն անմիջապէս ետք փորթուգալեան ակումբը իրաւունք պիտի ստանայ գնելու ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը:
20 տարեկան Սերոբեան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 8 մրցումի, մինչ երեւանեան ակումբին հետ 2023-2024 տարեշրջանին` 9 մրցումի, նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով էսիսթ մը: