ՖԻՊԱ-ի աշխարհի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէր Ը. խմբակին, երէկ` երեքշաբթի, 29 օգոստոսին աւարտեց իր ելոյթները, երբ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն, իր վերջին մրցումին ճակատեցաւ Ֆրանսայի դէմ:
Նախքան մրցումը, երկու կազմերն ալ կրած էին երկուքական պարտութիւն, եւ բնականաբար անոնցմէ մէկը պիտի արձանագրէր մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը:
Լիբանանի ազգային խումբը կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, մինչ Ֆրանսա արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 85-79 արդիւնքով (20-19, 17-19, 22-20 եւ 20-27):
Հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, սակայն, Ֆրանսա Լիբանանի հետ դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Ինչպէս նկատելի է, մրցումին քորթըրները եղան իրարու բաւական մօտիկ, բացի վերջին քորթըրէն, ուր Ֆրանսա եօթը կէտ աւելի նշանակեց:
Մրցումէն ետք ուղղուեցան բազմաթիւ քննադատութիւններ, որոնք այպանեցին խումբին մարզիչը` Ժատ Հաժը եւ մարզիկները, արձանագրուած այս արդիւնքներուն համար:
Սակայն բաւական զօրաւոր ազգային խումբերու դէմ, որոնք ունին բազմաթիւ փորձառու խաղացողներ, Լիբանան ասկէ աւելի չէր կրնար ընել:
Հետեւաբար, բոլոր քննադատութիւններն ալ, երբեք իրենց տեղին չեն, որովհետեւ իր ունեցած մարզիկներով, Լիբանան տուաւ այն, ինչ որ կրնար տալ:


