Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, անյաջող մեկնարկ մը ունեցաւ Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով:
«Ռոլան Կարոս»-ին վիրաւորուելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով թենիսի դաշտերը վերադարձած հայազգի թենիսմենը, որ միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 11-րդ, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը աշխարհի դասաւորման 89-րդ դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Մայքըլ Մմոհէն` 6-2, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով:
Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով 75-րդ դասուած գերմանացի Տոմինիք Քոյեփֆերը, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով մրցումը չկրցաւ շարունակել (6-2 եւ 3-2):
Բ. հանգրուանին Ալքարասի մրցակիցը պիտի ըլլայ հարաւային ափրիկեցի Լիոտ Հերիս


