Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
35 տարեկան Ղազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է Փիւնիկ Երեւանի, Ուրարտուի, Արարատ-Արմենիայի, Մեթալուրկ Տոնեցքի, Շախտիոր Քարաքանտայի, Օլիմփիաքոսի, Մարիթիմուի եւ շարք մը այլ ակումբներու:
Ան եօթը անգամ հանդիսացած է Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան, երկու անգամ` Հայաստանի բաժակակիր, իսկ մէկ անգամ ալ` գերբաժակակիր:
Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ 78 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակած է 14 կոլ: